2016-06-25 07:35:00

Առաքելական Ճամբորդութեան երկրորդ օր` Ծիծեռնակաբերդ - Գիւմրի եւ Համամիութենական աղօթք։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 25 յունիս 2016-ին՝ առաւօտեան, Երեւանի ժամով 8.45-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, Հայոց նահատակաց յարգանքի տուրք մատուցելու։

Ծիծեռնակաբերդի Համալիրի մուտքին Սրբազան Հայրը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ միասին դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին կողմէ  եւ միասին, հետիոտն ընթացան դէպի յուշահամալիր որուն մուտքին Քահանայապետը  զետեղեց ծաղկեփունջ մը, 1915-ի նահատակաց պաստառները բռնած մանուկներու ներկայութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա մուտք գործեց ''յաւերժական կրակի''  յիշատակի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն որուն ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը բարեխօսական աղօթք արտասանեց Հայերէնով եւ Ֆրանչիսկոս Պապը` Իտալերէնով հուսկ երկու հայրապետները արտասանեցին Հայր Մեր աղօթքը եւ իրենց օրհնութիւնը շնորհեցին ապա ` Հանրապետութեան Նախագահին հետ միասին ուղղուեցան թանգարան ու Ճանապարհի վրայ  Քահանայապետը օրհնեց նահատակաց յիշատակի այգիին ծառ մը։ Յայտնենք թէ ծիծեռնակաբերդի այցելութեան կը մասնակցին նաեւ Պիոս ԺԱ Պապին շնորհիւ, 1915-ի աղէտէն փրկուած հայորդիներու խումբ մը ժառանգորդներ։

Ծիծեռնակաբերդի Թանգարանը այցելելէ ետք Սրբազան Հայրը ստորագրեց ոսկեմատեանը ու հրաժեշտ առնելով ուղղուեցաւ Երեւանի օդակայան. այնտեղէն ապա՝  մեկնեցաւ առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրուայ յայտագրի երկրորդ հանգրուանը՝  Գիւմրին  ուր Վարդանանց հրապարակի վրայ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագի արարողութիւն։

Նշենք թէ Գիւմրին կը հանդիսանայ միակ վայրը ուր ­Ֆրանչիսկոս Պապ  գործածեց Քահանայապետական սպիտակ ­ինքնաշարժը, Վարդանանց հրապարակին վրայ  ողջունելով  համախմբուած՝ հայ ազգի  հազարաւոր զաւակները, որոնք այս առթիւ ժամանած են Գիւմրի մասնակցելու այդ պատմական իրադարձութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.